Լափշինը, Հաց բերողը, եւ նեղ-ազգային հռետորաբանութիւնը

Կանխաւ նշեմ, որ Լափշինի ու “հաց բերող” Արթուրի պարագաները աւելի ընդհանրական խնդրի մը շուրջ խորհրդածելու համար դիտարկուող օրինակներ են պարզապէս. քննուող հարցը չի սահմանափակուիր անոնցմով։ Հարցը կը վերաբերի սփիւռքի մէջ տիրող քաղաքական հռետորաբանութեան (discourse), որ անշուշտ ունի Հայաստանի մէջ իր հակամասը (counterpart) որմէ կը սնուի։ Պարզաբանելու եւ յառաջանալու համար անցնիմ օրինակներուն։

Ընթերցողներուն ջախջախիչ, եթէ ոչ բացարձակ մեծամասնութիւնը տեղեակ է դեռ թարմութիւնը չկորսնցուցած Լափշինի դէպի Ազրպէյճան արտահանցմանեւ ձերբակալման լուրէն, ուստի չարժէր մանրամասնել։ Մեր բաղդատութեան համար կարեւորը պաշտօնական խօսնակներու, լրատուամիջոցներու, երիտասարդական-ուսանողական թէ այլ միութիւններու հաղորդագրութիւններու, ցոյցերու, համացանցային դաշտի մէջ եւ այլուր տեղ գտած լայն ու ընդարձակ անդրադարձն է այդ դէպքին. Դատապարտում եւ բողոքարկում՝ սպասուած, տեղին եւ արդար։ Բայց լրիւ անկե՞ղծ՝ պիտի հարցապնդենք շուտով։

Երկրորդ դէպքին մասին ստիպուած եմ սակայն աւելի մանրամասնութիւն փոխանցելու, քանի որ հաւանաբար կան ընթերցողներ որոնք լաւագոյն պարագային անբաւարա՛ր տեղեկութիւն ունին այդ մասին – եւ ահա այստե՛ղ թաղուած է շան գլուխը։ Յուլիսեան վերջին դէպքերու ընթացքին Հայաստանի քաղաքացի Արթուր Սարգսեանը, նախապէս գրեթէ անյայտ դէմք, սնունդով բեռնուած իր ինքնաշարժով ճեղքած էր ոստիկաններու պատնէշը ու մուտք գործած «Սասնա ծռեր» զինուած խումբի կողմէ գրաւուած ոստիկանութեան գունդի տարածք, պարզապէս ուտելիք հասցնելու համար սնունդէ զուրկ մնացած ապստամբներուն։ Իր այս աքթին համար “հաց բերող”ը կալանքի տակ մնաց աւելի քան հինգ ամիս, սակայն 30 Դետկեմբերին ազատ արձակուեցաւ դատախազութեան կողմէ հետեւեալ բացատրութեամբ.- «Հիմք ընդունելով բժշկական կոնսիլիումի եզրակացությամբ Ա.Սարգսյանի մոտ ախտորոշված հիվանդությունը, որը նվազեցնում է նրա կողմից քննությունից խուսափելու, նոր հանցանք կատարելու հավանականությունը, վերջինիս նկատմամբ որպես խափանման միջոց է ընտրվել չհեռանալու մասին ստորագրությունը» Արդարեւ, Սարգսեան ունի առողջական այնպիսի լուրջ խնդիրներ, որոնց ներկայութեան պարագային ամբաստանեալ մը պէտք չէ մնայ բանտային պայմաններու մէջ, նաեւ ըստ Հայաստանեան օրէնքի։ Այս գծով Սարգսեանի ու իր փաստաբաններու դիմումները մնացած էին ապարդիւն, բայց ի վերջոյ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի միջամտութենէն քանի մը օր ետք դատախազութիւնը զիջեցաւ, հաստատելով Սարգսեանի առողջական վիճակի բանտային պայմաններու հետ անհամատեղելիութիւնը։ Նորութիւնն այն է սակայն, որ Լափշինի արտայանձնումէն ընդամէնը երկու օր ետք, Փետրուար 9ին, անակնկալօրէն դարձեա՛լ ձերբակալուեցաւ Սարգսեան։ Դատախազութեան հիմնական բացատրութիւնն այն էր, որ Սարգսեանի հիւանդութիւնը չի դասուիր կալանքի պատիժը կրելու խոչընդոտող ծանր հիւանդութիւններու շարքին։ Այս բացատրութիւնը բացայայտօրէն կը հակասէ նոյն դատախազութեան կողմէ մօտ ամիս մը առաջ Սարգսեանի ազատ արձակման վերաբերեալ տրուած բացատրութեան։ Դեռ չենք խօսիր դատը այսքան ուշացնելով ամբաստանեալ մը – ա՛յդ ալ վատառողջ – կալանքի տակ պահելու սկզբունքային անարդարութեան մասին։ Դարձեալ ձերբակալուելէն ու դատապարտեալներու հիւանդանոց տարուելէն ետք “հաց բերող”ը յայտարարած է հացադուլ, ու արդէն շաբաթէ մը աւելի է որ կը մնայ առանց հացի, ինչ որ շատ կտրուկ ազդեցութիւն ունի իր առողջական վիճակին վրայ, ինչպէս կ՚ահազանգեն իրաւապաշտպանները։ Այսքան որպէս լրատուութիւն. չեղածին տեղ. աւելիին համար կարելի է անձնապէս պրպտել։ Ի՞նչ տեղ շնորհուեցաւ այս հարցին մեր հռետորաբանական դաշտին մէջ։ Ամէնէն անկողմնակալ եւ կրաւորական միջոց՝ լրագրութիւ՛նը անգամ չանդրադարձաւ այս խնդրին, ալ չեմ նշեր աւելին։

Կրկնելով, որ “Հաց Բերող”ինը մէ՛կ օրինակ է միայն, ամէնէն հրատապը հաւանաբար, եւ որ բազմաթի՛ւ եղած են այս տարիներու ընթացքին եւ այսօր Հայաստանի մէջ քաղաքական հալածանքները, քաղաքական բանտարկեալները, ծեծերն ու խոշտանգումները, տարրական մարդկային իրաւանց բռնաբարումը դատաիրաւական եւ քրէա-օլիկարխեան համակարգերու զուգահեռ գործունէութեան ներքոյ, հարց տանք. Ի՞նչ ուշադրութեան արժանացած են այս բոլորը սփիւռքեան հիմնական առանցքի եւ անոր Հայաստանեան հակամասի (counterpart) քաղաքական հռետորաբանութեան մէջ (դեռ ձգե՛նք նոյնիսկ գործնական երեսը)։ Գրեթէ ոչ մէկ։ Բացակայութիւն, քար լռութիւն։

Վերադառնալով Լափշինեան հարցին, կարելի է տեսնել որ երեւոյթի դատապարտման ալիքին մէջ իրաւացիօրէ՛ն տեղ կը գտնէ մարդկային տարրական իրաւունքներու՝ տեղափոխման ազատութիւն, լրագրողական իրաւունքներ, ինքնորոշման իրաւունք, եւայլնի հռետորաբանութիւնը։ Իրաւացիօրէն, այո, բայց ոչ անկեղծօրէն։ Ապա թէ ոչ ու՞ր էր աղաղակող այդ մեծ բանակը ի տես հաց բերողի մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման, ու՞ր էր անկէ առաջ Հայաստանի մէջ իրագործուած մարդկային իրաւանց բազում եւ կոպտագոյն խախտումներու ժամանակ։

Հարց կը ծագի. Մարդկային իրաւունքներ, ազատութիւն, արդարութիւն, պարզապէս ազգային քաղաքականութեան ծառայեցուող գործիքնե՞ր ու միջոցնե՞ր են ուրեմն. Հրատապ հարց եւ “սկզբունք” կը դառնան ու մեր հռետորաբանութեան մէջ կը յայտնուին միայն երբ Ազրպէյճանի՞ կամ Թուրքիո՞յ մէջ կ՚ոտնակոխուին։ Փաստօրէն ժողովրդավարականայս սկզբունքները կորսնցուցած են գաղափարականանշեղ հենասիւներու իրենց երբեմնի հանգամանքը. ընդունինք այլեւս։ Արժանացած են շատո՛նց արդէն փոշոտ դարակներու մէջ մոռցուած ընկերվարութեան ու ձախականութեան ճակատագրին։

Ժամանակակից հռետորաբանութիւնը ուրեմն – ալ չե՛նք խօսիր գործնականին մասին – փաստօրէն խզած է իր կապերը ազգային նկատուողէն անդին եղող արժէքներուն հետ։ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն, անոր դրժումի քրէականացումէն, Արցախէն, Թուրքիայէն, Ազրպէյճանէն, Լափշինէն ու Սաֆարովէն անդին չերթար, ցաւօք։ Նեղ-ազգային է ու վերջ։ Անկէ անդին կա՛մ չկայ, կա՛մ եթէ կայ՝ ապա նեղ-ազգայինին ծառայեցուելու համար միայն. այսինքն կե՛ղծ։ (ինքնին այդ ազգայինին բնոյթին, խորքին ու ընկալման մասին ալ կարելի է շատ երկար գրել։ Բաւարարուիմ յուշելով, որ “գաղափարական”ին ու “կաղապարական”ին միջեւ գոյութիւն ունի որակական յստակ տարբերութիւն։)

Հռետորաբանական այս բացէն ամէնէն անմիջականօրէն ազդուողը երիտասարդութիւնն է անշուշտ, նոր սերունդը։ Բնական հետեւանքները երկուք են. Կամ աշխարհահայեացքի խիստ սահմանափակում, գաղափարական ճահճացում (իմա՛ կաղապարականութիւն) դէպի սին ծայրայեղականութիւն երթալու յայտնի վտանգներով, եւ կամ՝ արթուն, յառաջադէմ, քննական մտքի տէր անհատականութիւններու պարագային՝ խրտչում, ինքնամեկուսացում եւ հեռացում։ Երկուքի պարագային ալ հաւաքականութիւնն է կորսնցնողը անշուշտ։

Ընկերային արդարութեանց ու մարդկային իրաւանց հարցը անշուշտ չի սահմանափակուիր Հայաստանով (ոչ իսկ հայութեամբ)։ Բայց ի մասնաւորի Հայաստանեան իրադարձութիւններու նկատմամբ հռետորաբանական-քաղաքական այս բացը իր չափով կ՚ուշացնէ հայաստանեան այդ խնդիրներու լուծումը. Այստեղ, ահա, ազգային ու մարդկային հարցերը կը միաձուլուին։ Չէ՞ որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներքին քաղաքական հալածանքներով ու ընկերային անարդարութեամբ կը վնասէ ինքզինքին աւելի՛ քան Լափշինեան պատահարները։ Չէ՞ որ կ՚արժէզրկուի պետութիւնն ինք միջազգային քաղաքական գետնի վրայ. Արտաքին գետնի վրայ ի՞նչ մարդկային իրաւունքներու յարգում կրնայ պահանջել պետութիւն մը որ իր սահմաններէն ներս կ՚ոտնակոխէ այդ իրաւունքները։

Կը մնայ հասկնալ պատճառն այս բոլորին։ Կամ այն է, որ իսկապէս նեղ է քաղաքական առաջնորդութեան աշխարհահայեացքը, արժէքային համակարգը, մտահոգութիւններու դաշտը. Կամ ալ այն, որ քաղաքական տուրք է որ կը տրուի այս լռութեամբ ու համրութեամբ։ Եթէ առաջինն է պարագան՝ բաներնիս շատ բուրդ է, ինչպէս կ՚ըսէ առածը, եթէ ոչ՝ բանը բանէն անցած արդէն։

Եթէ երկրորդն է, քաղաքական տուրք, ապա հանուն եւ ի գին ինչի՞։

Հանուն մարդկային տարրական իրաւունքները ոտնահարել շարունակող գործընկերներու բերելիք, իշխանական թէ նոր-ընդդիմական զորպայա-օլիկարխեան երեսփոխանական թեկնածուներու բերելիք “բարեփոխուող Հայաստանի՞ն”։

ի գի՛ն ինչի՞։

Ի գին ՀՀ քաղաքացիներու մարդկային իրաւունքներու անտեսումի՞ն, ժողովուրդի հաւելեալ յուսալքմա՞ն, արտագաղթի շարունակութեան ու երկրի անվտանգութեան խնդրի խորացմա՞ն։ Ի գին նեղ-ազգայնական հռետորաբանութեան մը ներքոյ սփիւռքեան նոր սերունդի գաղափարական սահմանափակումին ու կղզիացմա՞ն։ Ի գին ափ մը յառաջադէմ եւ գաղափարական երիտասարդութեան մեզմէ վանումին, օտարումի՞ն։ Ի գին սկզբունքային եւ բարոյական ինքնախորտակմա՞ն։ Ի գին գաղափարական ինքնուրացութեան եւ ինքնադրժմա՞ն վերջապէս։

19-02-2017 – Հրակ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

 

Comments

comments