Միսաք Թորլաքեան (1888-1968) – Արդարութեան Մարտիկը

missak torlakianՄիսաք Թորլաքեան
1888- 12 Նոյեմբեր 1968

Արդարութեան Մարտիկը – Հայոց «Նեմեսիս»ին հատու հարուածը

12 Նոյեմբեր 1968ին, Քալիֆորնիոյ մէջ, ութսուն տարեկան հասակին, Ազգային Հերոսը առյաւէտ փակեց ցաւատանջ իր աչքերը։

Թորլաքեան մանուկ տարիքէն զարհուրանքով տեսած էր ու ցմրուր ճաշակած էր դառնագոյն բաժակը թրքական պետութեան գործադրած հակահայ եղեռնագործութեան։ Ապրած էր ժամանակաշրջանը ե՛ւ 1894-95ի Համիտեան կոտորածներուն, ե՛ւ 1909ի Կիլիկիոյ Աղէտին, ե՛ւ 1915ի ցեղասպանական մեծ ոճիրին, ե՛ւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի վերապրած վերջին բեկորներուն դէմ թրքական բանակի 1918ի արշաւանքներուն ու մինչեւ Պաքու հայկական ամէն շունչ եւ հետք հուրէ ու սուրէ անցընելու ահաւոր վայրագութեան։
Այդպէ՛ս Թորլաքեանի ցաւատանջ աչքերը բոցավառ էին ընդվզումի, ցասումի եւ վրէժի կայծերով, որոնք նոյնիսկ Պաքուի ջարդարար Պէյպուտ խան Ճիվանշիրի արդարահատոյց ահաբեկումէն ետք, մինչեւ մահ մշտարծարծ մնացին Միսաք Թորլաքեանի մօտ՝ պայքարելու համար ի խնդիր անճիտուած Ազգին եւ բռնագրաւեալ Հայրենիքին արդար հատուցման Մեծ Օրուան նուաճումին։
Թորլաքեան ծնած էր 1888ին Կիւշանա (Տրապիզոնի շրջան)։ 8 տարեկան էր 1896ին, երբ Տրապիզոնի հայութեան դէմ Համիտ շարժման մէջ դրաւ թուրք եւ քիւրտ խուժանը՝ հայ յեղափոխականները պատժելու պատրուակով հազարաւոր անզէն հայերու կոտորածը հրահանգելով։ Մանուկ տարիքի ընդվզումը Թորլաքեանի մէջ յանգեցաւ ծառացումի եւ ըմբոստացման 1904ին, երբ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան առիթով Համիտ վերստին փորձեց արեան մէջ խեղդել ողջ Արեւմտահայաստանը։ Քաջ ու խիզախ պատանին զինուորագրուեցաւ Տրապիզոնի հայ ապստամբ երիտասարդներու հրոսակախումբերուն, գիւղէ գիւղ շրջելով եւ անպաշտպան հայութեան տէր կանգնելով։

1908ի Օսմանեան Սահմանադրութենէն եւ հայերու բանակ մուտքի արտօնութենէն ետք, Թորլաքեան կարճ ժամանակով զինուորական ծառայութեան մէջ մտաւ, բայց տեսնելով իթթիհատական իշխանութեան կողմէ շարունակուող հայատեաց խտրականութիւնն ու իրաւազրկումները՝ հեռացաւ բանակէն, միացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ, Ռոստոմի անմիջական ղեկավարութեան տակ ծաւալած ինքնապաշտպանութեան աշխատանքներուն մասնակից դառնալով, լծուեցաւ Տրապիզոնի եւ Կովկասի միջեւ զէնքի փոխադրութեան ու թրքական անօրինութիւնները զինու զօրութեամբ սանձելու գործին։
1915ին, Թորլաքեան միացաւ Հայ Կամաւորական Շարժումին եւ եղաւ առաջիններէն, որոնք ռուսական զօրքին հետ Արեւմտահայաստան մուտք գործեցին եւ անմիջապէս լծուեցան թրքական ցեղասպանութենէն վերապրող հայութիւնը հաւաքելու, պատսպարելու եւ պաշտպանելու փրկարար աշխատանքին։ Եւ երբ Լենինեան յեղաշրջման հետեւանքով ռուսական զօրքերը արագօրէն լքեցին ռազմաճակատները եւ «տուն» շտապեցին, Թորլաքեան իր մասնակցութիւնը բերաւ վերապրող արեւմտահայութիւնը թրքական զօրքի ներխուժման դէմ պաշտպանելու 1918ի կռիւներուն – յատկապէս Կարսի ճակատին վրայ – եւ հայկական անխուսափելի նահանջի կազմակերպումին։ Այնուհետեւ, երբ արդէն նահանջի ճանապարհ չկար եւ ողջ հայութիւնը մէկ մարդու պէս ծառացաւ ցեղասպանական իր ծրագիրը ամբողջացնելու եկող թրքական բանակին դէմ, Թորլաքեան Պաշ Աբարանի ճակատին վրայ կռուեցաւ Դրոյի յաղթական գունդին մէջ։

Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին Թորլաքեան նուիրուեցաւ արեւմտահայ գաղթականութեան պատսպարման աշխատանքներուն։ 1919ին Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովէն ետք, յանուն թուրք ջարդարարները պատժելու Նեմեսիս Գործողութեան իրականացումին, Թորլաքեան կուսացական որոշումով 1920ին անցաւ Պոլիս, ուր լծուեցաւ կազմակերպական այդ գլխաւոր շրջանի վերականգնման աշխատանքներուն՝ յատկապէս Հ.Յ.Դ. մարտական կառոյցի վերակենդանացումին։
Այդ շրջանին էր, 1921ին, որ Նեմսիս Գործողութեան Պատասխանատու Մարմնին կողմէ Թորլաքեանի յանձնարարուեցաւ Պոլիս հաստատուած, մուսաւաթական Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար եղած եւ 1918ին Պաքուի հայ¬թաթարական ընդհարումներու ժամանակ անզէն հայութեան կոտորածը կազմակերպած Պէյպուտ խան Ճիվանշիրի ահաբեկումը։ Երուանդ Ֆնտքեան եւ Յարութիւնեան նշանակուած էին իր օգնականները։ Թորլաքեան Ճիվանշիրի ահաբեկման դաշնակցական որոշումը գործադրեց 18 Յուլիս 1921ին, օր ցերեկով գետին փռելով արիւնարբու հրէշը։ Ահաբեկման ականատես ֆրանսացի զինուորներ յարձակեցան Թորլաքեանի վրայ եւ, ծեծի տակ ձերբակալելով զինք, յանձնեցին Պոլսոյ մէջ Դաշնակից Ուժերու ներկայացուցիչ անգլիական հոգատար իշխանութեան։

Անգլիական զինուորական դատարան մը կազմուեցաւ։ Թորլաքեանի դատին պաշտպանութիւնը կատարեց Խոսրով Ներսէսեան, որ կուռ եւ հիմնաւոր փաստարկումներով դատարանին առջեւ մերկացուց Ճիվանշիրի ծանրագոյն յանցագործութիւնը։ Դատարանը թէեւ յանցանք նկատեց գործուած ահաբեկչութիւնը, բայց արդարացուց Թորլաքեանը՝ նկատի ունենալով անոր հոգեկան եւ մտային հաւասարակշռութեան հասցուած հարուածը Ճիվանշիրի կողմէ։
Միսաք Թորլաքեան անպարտ արձակուեցաւ 22 Նոյեմբերին, անցաւ Յունաստան եւ հոնկէ ալ Ռումանիա, ուր մինչեւ 1952 թուականը մնայուն բնակութիւն հաստատեց եւ գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ Դաշնակցութեան Պալքանեան կազմակերպութեան կեանքին մէջ։
Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, Գարեգին Նժդեհի եւ Դրոյի կողքին, Թորլաքեան կարեւոր ներդրում ունեցաւ Պալքաններու հայութեան անվտանգութիւնը ապահովելու դժուարին գործին մէջ։ Իսկ Աշխարհամարտի աւարտին, Թորլաքեան պատասխանատու մասնակցութիւն բերաւ Դրոյի նախաձեռնած հայ ռազմագերիները փրկելու աշխատանքներուն։
1952ին Թորլաքեան անցաւ Մ. Նահանգներ եւ հաստատուեցաւ Քալիֆորնիա, ուր կուսակցական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց մինչեւ իր վերջին տարիները, երբ հիւանդութիւնը անկողնին գամեց անխոնջ մարտիկին։
Իր կեանքի վերջալոյսին Թորլաքեան լոյս ընծայեց իր յուշերը՝ «Օրերուս հետ» խորագրով։
1968ին, երբ Արդարութեան Մարտիկը արդէն հիւանդանոցի մէջ պառկած էր մահամերձ, Մ. Նահանգներ կատարած իր շրջապտոյտի ընթացքին, Ամենայն Հայոց Վազգէն Առաջին երջանկայիշատակ Հայրապետը հիւանդանոց այցի գնաց մահամերձ Թորլաքեանին եւ դաշնակցական աննկուն ահաբեկիչին արժանացուց Ազգային Հերոսի օրհնութեան։
Այդ օրհնութեամբ՝ առյաւէտ փակուեցան, 12 Նոյեմբեր 1968ին, ցաւատանջ եւ ցասկոտ աչքերը անմահ Միսաք Թորլաքեանի։
Ութսուն տարի ապրեցաւ Հայկական Նեմեսիսի արժանաւոր դէմքն ու Դաշնակցական Վրիժառուի անվեհեր ուխտաւորը, որուն կտակը եղաւ՝

«Անհրաժեշտ է ճանչնալ թուրքի հոգին, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ բացատրել մարդկութեան պատմութեան մէջ աննախադէպ արիւնոտ իրադարձութիւնը՝ հայերու 1915ի ցեղասպանութիւնը»:

Comments

comments