Յայտարարութիւն – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐՈՒԴԻ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԿՈՄԻՏԷ

stat.gov.wa@haybachdban.org
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐՈՒԴԻ   ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ  ԿՈՄԻՏԷ
Comité Suisse du Conseil National de l’Arménie Occidentale

Ժընեւ 09.02.2015

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Զուիցերիոյ կոմիտէն պարտականութիւն ունի ձեզ հաղորդելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւրքի միացեալ յայտարարութիւնը օսմանեան կայսրութեան կողմէ մէր ազգի հանդէպ գործադրուած Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին առիթով:

Այս յայտարարութիւնը, որ հրատարակուեցաւ եօթը լեզուներով` կը պարունակէ տարբեր պատմական եւ իրաւաբանական նիւթեր կապուած մեր ազգի հանդէպ գործադրուած սարսափելու ոճիրին մասին եւ ոչնչացումը իր պատմական հայրենիք Արեւմտեան Հայաստանէն:

Անիկա նաեւ կը շեշտէ ցեղասպան եւ ժխտողական թուրք պետութեան պատասխանատւութիւնը, ինչպէս նաեւ 1894-1923 թուականներուն իրար յաջորդող կառավարութիւնները դատապարտել, քանի որ անոնք կազմակերպեցին յանցագործութիւն հայ ազգին դէմ:

Ծիծեռնակաբերդի մէջ տեղի ունեցած արարողութիւնը, որուն ընթացքին սոյն յայտարարութիւնը կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան` ի ներկայութեան Հայաստանի եւ Արցախի, Հայոց բանակի, Հայոց եկեղեցիներու եւ Հայոց սփիւրքի առաջնահերթ անձնաւորութիւններու, որոնք ցոյց տուին մեր ազգի անգագտելի միասնականութիւնը` յանուն արդարութեան:

Անոնք նաեւ ցոյց տուին մեր պայքարը ի դէմ ոճրագործ թուրք պետութեան, որ ոչ թէ միայն սպաննեց մեր ժողովուրդը, բռնի կրօնափոխ ըրաւ հարիւր հազարաւոր հայեր, քանդեց մեր պատմամշակութային կոթողները, թալանեց մեր ժողովուրդին պատկանող հարստութիւնները, եւ որ նաեւ միջազգային պայմանագիրները եւ իրաւունքները ոտնակոխելով կը շարունակէ գրաւած պահել մայր Հայրենիքը` Արեւմտեան Հայաստանը :

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ  ԽՈՐՀՐՈՒԴԻ    ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ  ԿՈՄԻՏԷ

Comments

comments