Նախընտրական Խամաճիկներ

Ինչ-ինչ պատճառներով վերջերս Հայաստանի մէջ իշխանութիւն ձեռք բերած ՀՀԿ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը,  ՀՀԿ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգիսեանի պարագլուխով, ասդին-անդին վազվզելով (մեծամասամբ հեւալով ), Ռատիոներն ու հեռուստացոյցները ՀՀԿ-ականներ լեցնելով, աչ ու ձախ ասուլիսներ հրաւիրելով, բերկրանքով կը հաստատեն եւ կը շնորհաւորեն  իրենց կուսակցութեան ու նախագահի քաղաքականութեան յաղթանակներէն մին՝ Ֆրանսայի ծերակոյտին մէջ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին ընդունումը:

Շա՜տ ծիծաղելի: Պարոննե՛ր, սրամիտ հարցնեմ «Որո՞ւն վրայ կը խնդաք:»

Ձեր այս բեմադրութեանը ծանօթ ենք եւ վստահ որ ոչ մէկ արդիւնքի պիտի չի շոշափէք, միայն թէ բարեբախտաբար մեզ՝ հանդիսատեսին ծիծաղ պիտի պատճառէ:

Շատ լսեցինք եւ դեռ կը լսենք թէ այս «Նախագահ Սերժ Սարգիսեանի ճիշտ քաղաքականութեան» արդիւնքն ու յաղթանակն է: Արդեօք ձեր յարգարժան նախագահի ստորագրաթեամբ օծուած արձանագրութիւններուն մասին ի՞նչ կ’ըսէք: Յիշեցէք, ձեր ստորագրութիւնը տակաւին առկայ է եւ ամէն ինչ փաստէ:

Չենք ուզեր աւելի խորանալ, ամէն ինչ արդէն յստակ է, եզրակացութիւնները կը թողնենք ընթերցողներուն…

Comments

comments