Շնորհաւոր Տարեդարձդ՝ Ռատիո Եան:


4 Փետրուար 2011, հարազատ ու ընտիր համացանցային Ռատիո-ի մը հիմնադրման օր՝ որ Հայկականութիւն ներշնչեց հայ ժողովուրդին աշխարհով մէկ: Կը Շնորհաւորենք ձեր բոլորին այս օրուայ կապակցութեամբ:

Երիտասարդ ընկերներու նախաձեռնութիւն մըն էր, որ իր համեստ պայմաններով կրցաւ բարգաւաճիլ եւ հասնիլ ամեն մէկ գաղութ սփիւռս աշխարհի՝ շնորհիւ բոլորին քաջալերանքներուն ու դրամական օգնութեան: Սրտանց շնորհակալենք ձեր բոլորին:

Այս մէկ տարուայ ընթացքին հպարտութեամբ կրնանք ձեզ յայտնել մեր յաջողութիւններուն մասին, որովհետեւ կը համարենք այդ ամբողջը ոչ թէ միայն մեր, այլ նաեւ ձեր բոլորին յաջողութիւնները: Ամենակարեւորը այն էր որ յաջողեցանք Դանիէլեան բազմանդամ ընտանիքին հարցին լուծմանը մասնակցիլ, նորաստեղծ ՀամաՀայկական Ֆոնտին հետ միասին դրամահաւաք կազմակերպելով եւ այդ ծիրին մէջ օգտագործելով մեր համացանցային ողջ կարելիութիւնները: Ուրախենք եւ հպարտենք որ այդ յաջող գործին մեր ներդրումը ունեցանք, եւ բոլոր նուիրատուներուն՝ որոնք նոյնպէս Ռատիո Եան-ի ունկնդիրներ են, կ’ըսենք մեծ շնորհակալութիւն ու վարձքերնիդ կատար:

Առիթը կ’ուզենք օգտագործել նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնելու առաջին հերթին մեր հովանաւորներուն (Cardini MotorSport – Schanth Vosguerichian – Fox Germany – Marché Philippe – 24/7 Boutique – Manor Shop) երկրորդ հերթին մեր ընկերներուն ու գործակիցներուն ( Yerkir Media – Aztarar Tert – Azator Tert – Ազգային եւ Յեղափոխական երգարան – Vahe Berberian – Disco Young – PanArmenian Foundation – Photo Nerses ), իսկ ի վերջոյ մեր բոլոր ունկնդիրներուն որոնք հաւատարիմ կը մնան մեզ:

Շնորհաւոր Տարեդարձդ՝ Ռատիո Եան:
04.02.2012 – Ռատիո Եան Անձնակազմ

Comments

comments